2015-11-02 09:49:00

Սուրիա - Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան կոչը` Փրկենք Հալէպ քաղաքը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Վերջին այս օրերուն ահ ու սարսափի լուրեր կը հասնին Հալէպի ողբալի կացութեան մասին։ Վերջին շաբաթուայ ընթացքին աւելի քան 70 անհատներ գաղթած են քաղաքէն։ Հին քաղաքի կեդրոնը քար ու քանդ է, մէկ շաբաթէ ջուր ու ելեկտրականութիւն չկայ եւ ամենուրէք ահ ու սարսափ կը տիրէ։

Բռնութիւնը կը շարունակէ հարուածել քրիստոնեայ թաղամասերը։ Միջազգային դիւանագիտութիւնը մինչեւ օրս կարող չեղաւ փրկել Հալէպը թէեւ ներկայիս միջազգային հասարակութիւնը Վիեննայի  մէջ կը քննարկէ Սուրիոյ տագնապի հարցը։ 

Իտալական Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան հիմնադիր` Անտրէա Ռիքքարտի վերանորոգած է` անցեալ 22 յունիս 2014-ի ''Save Aleppo – Հալէպը փրկէ'' կոչը, բնակիչներուն մարդկայնական օգնութիւններ հասցնելու համար։

''Համոզուած ենք որ հարկաւոր է խաղաղութիւնը բանեցնել յանուն տառապողներուն ու վերակառուցել այդ քաղաքին ապագան որ եղած է ժողովուրդներու պատմական խաչմերուկ ու քրիստոնեայ – իսլամ համակեցութեան դարաւոր վայր։ Անհրաժեշտ է օգնութեան հասնիլ մահամերձ Հալէպին ու զայն փրկել մահուընէ. Անմիջապէս'' հաստատած է Տիար Անտրէա Ռիքքարտի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.